Գասպար

Գասպար Տէրտէրեան

  • Ծննդյան տարի՝ 1934
  • Երկիր՝ Լիբանան
  • Կենսագրություն՝ Ծնած է 28 Փետրուար 1934-ին, Ալէյ, Լիբանան, Սեբաստացի մօրմէ (Սաթենիկ Նշանի Տօլմայեան) եւ Շապին Գարահիսարցի հօրմէ (Արմենակ Գասպարի Տէրտէրեան),տարագրեալներու ընչազուրկ ու բազմանդամ (չորս քոյր, չորսեղբայր) ընտանիքի մէջ: Հայրը մահացած է 1939-ին:Նախնական կրթութիւնը՝ բազմերանգ ու… աստանդական՝Ալէյի (ՀԲԸՄ), Ժըպէյլի Թռչնոց Բոյն, աւետարանական եւ Պէյրութի(Ս.Եղիա, կաթոլիկ եւ Ս.Նշան, առաքելական) վարժարաններէն:Երկրորդականուսումը՝Մանուկեանէն (առաջին հունձքէն):Համալսարանականը՝ՊէյրութիքաղաքականՅովակիմեան պատճառովթերաւարտ AUB-էն (Major in Physics, «Light»), ապա՝ աւարտածՊէյրութի St. Joseph-ի Իրաւագիտութեան եւ Տնտեսագիտութեանդպրոցը, արժանանալով զոյգ լիսանսներու՝ Ֆրանսականը Lyon-ի համալսարանէն, իսկ արաբականը՝ Լիբանանի ԿրթականՆախարարութենէն:Գործած է նախ՝ լրագրութեան մէջ, անդամագրուած ըլլալովԼիբանանի Լրագրողներու Սենտիքային (1957-էն), եւ ապա՝փաստաբանական ասպարէզին մէջ, անդամակցելով Պէյրութի Փաստաբաններու Կաճառին (1965-ին), նաեւ պաշտպանելովդատեր՝ Դամասկոսի, Հալէպի, Քոփէնհակէնի եւ Լոնտոնի ատեաններուն առջեւ:Աշակերտական տարիներէն ցուցաբերած է մասնաւորհետաքրքրութիւններ եւ նկատառելի ձիրքեր՝ երգի, ասմունքի,թատրոնի, մարմնամարզի, լեզուներու, գծագրութեան, ձեռայինաշխատանքի եւ դպրոցական «Նուիրում» թերթի խմբագրութեանմէջ: Բայց, պատանեկան կանուխ տարիներէն՝ լիովիններգրաւուած է երկրի արաբական եւ ներհայկական քաղաքական246 կեանքի գուպարին մէջ, ընտրած ըլլալով՝ Արաբ եւ Հայ «Ձախ» խրամատը, ամբողջական յանձնառութեամբ գործելով՝ երկրիյառաջապահ հրապարակագրութեան եւ ընդյատակեայգործունէութեան մէջ:Պատասխանատու վարչական ու քաղաքական պաշտօններ վարած է սկիզբը՝ ՀԵԸ-ի ՀամալսարանականՈւսանողաց Միութեան եւ ՌԱԿ Փորթուգալեան Ակումբին մէջ,ապա՝ Լիբանանի Կոմկուսին, Հայց-Եկեղեցւոյ ՄիասնութեանՊաշտպան Կոմիտէի քարտուղարութեան, լիբանանցի Մարքս Լենինեան Կոմունիստներու Միութեան, Լիբանանի ՀայՀամալսարանաւարտներուՄիութեան,ԻրաւաբաններուՀամաշխարհայինԼիկայի ԴեմոկրատԼիբանանիՄասնաճիւղին եւ՝ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակին մէջ, ասորհիմնադրութեան առաջին տարիներէն (1948):Խմբագրական կազմերուն անդամակցած է՝ «Ախպար»,«Մեր Նշանաբանն է ՅԱՌԱՋ», «ՅԱՌԱՋ-Գրական», «ՅԱՌԱՋ»,«Սաութ Ուլ-Շա՛ապ», «Նոր Ուղի» եւ «Ալ-Ֆիքր Ուլ-Ժատիտ» թերթերուն, միանշանակ ստանձնելով յիշեալ հայկականթերթերուն Պատասխանատու Տնօրէնի պաշտօնը՝ յաջսկառավարութեան:Նաեւ աշխատակցած է՝ Պէյրութի «Զարթօնք», «Արարատ»,«Ազդակ», «Նայիրի», «Ծաղիկ», «Կանչ», «Ազգային Մշակոյթ», «Ալ Սաքաֆէ Ալ-Արապիյէ», «Ալ-Նիտա», «Կամար» եւ «Շիրակ» թերթերուն, Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան«Armenian Studies» տարեգիրքին եւ «Հայկազեան ՀայագիտականՀանդէս»ին, Երեւանի «Հայաստանի ԿՈՄՈՒՆԻՍՏ»ին, Դամասկոսի «Տիրասէթ Իշթիրաքիյէ» ամսագրին եւ «Սաութ Ուլ-Շա՛ապ» շաբաթաթերթին, եւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեային:Օգտագործածէ«ՈզնիԹոնտրակի», «ԺըպրանԽուրի», «Դաւիթի Կապարճակիրը», «Զարեհավանեցի» եւ այլգրչանուններ:Անոր գրութիւնները մէկ-մէկ, վերեւ յիշուած թերթերէնարտատպուած են նաեւ՝ «ՆՈՐ ՕՐ», «ՄԱՐՄԱՐԱ», «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ», եւ այլ թերթերու մէջ: Իր գրութիւնները տեղ գտած են նաեւ՝ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ», «ԳԵՂԱՐԴ», «ՆՈՐ ԽՕՍՔ» եւ այլ կայքէջերու վրայ:Հեղինակած է եւ հրատարակած՝ «Ուղեցոյց՝ ԼիբանանիԸնկերային Ապահովութեան Ազգային Սնտուկի Օրէնքին» 1965-ինհամահեղինակութեամբ՝ Յովհ. Աղպաշեանի, «Սիոնիզմի եւՓանթուրքիզմի Առնչութիւնները Եւ անոնց ՍպառնալիքըՀայաստանի Լինելութեան» 1990-ին, նոյնին արաբերէնովտարբերակը Ժըպրան Խուրի ծածկանունով, Հալէպ, 1995, «Տար Էլ Սատաքա» հրատարակչատունէն, նոյն գիրքէն չորս գլուխներ լոյստեսած են Գ. Տէրտէրեան անունով, արաբերէն երեք տարբերժողովածուներու մէջ, Պէյրութ, տարբեր հրատարակչատուներէ,«ՄերԼինելութեանՈւղին»,Պէյրութ,1992, «ՎասնՀամասփիւռքահայ Քոնկրեսի», Պէյրութ, 1995, «ՍարդարապատէնԱնդին՝ Համահայկական Գոյամարտի Երեք Ջոկատները», Պէյրութ,1996, հրատ. Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի, «Եկեղեցի Պետութիւն Յարաբերութիւններ եւ Նոր Աղանդաւորականներ»,Պէյրութ, 2002, որ կ՛ընդգրկէ նիւթեր՝ 2001 թուին Էջմիածնի մէջգումարուած միջազգային սիմփոզիումէն (իրաւագէտներու),«Հայեացք Եւ Կեցուածք» հրապարակագրական յօդուածներ,Պէյրութ, 2008, «Ապրիլեան Ասուլիս՝ Մեծ Եղեռնի 95-րդ ՏարելիցինԱռիթով», Պէյրութ, 2010, հրատ. Լիբ. Գրական Շրջանակի, «ԱյսպէսԲարբառեցաւ Պղնձաթելը» գեղատիպ ալպոմ նուիրած՝ոսկերչապետ Մկրտիչ Թահուլաքեանի պղնձաթելով հիւսուած 70դիմանկարներուն, Պէյրութ, 2010, «Հայեացք Դէպի Դարադարձ՝Մշուշապատումի Փորձ Մըն է ՀՀ Խորհրդարանի “Սենաթ”ինՀակադրումը Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային“Կոնկրէս”ին (ՏԱՀՔ)», Պէյրութ, 2011, հրատ. Լիբ. ԳրականՇրջանակի, եւ «Էօժէն Իոնեսքօ՝ “Անհեթեթ”ի Դիմակով Նոր Իրապաշտ Գրողը, Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով» եւ Իոնեսքոյի“Le Roi Se Meurt” («Արքան Կը Մահանայ») փիէսի հայերէնթարգմանութիւնը հեղինակին կողմէ, միացեալ հատորով, Պէյրութ, 2012: Ան թարգմանուած է նաեւ՝ հայերէնի, քերթուածներ՝ ՄիշէլՍուլէյմանէն եւ Եուսէֆ Հարպէն, եւ Նազըմ Հիքմէթէն ուՎենեզուելլահայ Գէորգ Թօփալեանէն, եւ արաբերէնի՝ Վ. Թէքէեանի248 «Երբ Օրը Գայ Վերջապէս» քերթուածը, բացի՝ քաղաքական եւընկերային նիւթերէ, արաբերէնէ հայերէնի եւ հայերէնիարաբերէնի:Հեղինակը նաեւ հրատարակութեան համար խմբագրած ուծանօթագրած է՝ «Յո՞ Երթաս Հայ Սփիւռք» հատորը, Հալէպի մէջկայացած «Ապրիլեան Սեմինարներ»ու շարքին առաջինինիւթերով, Պէյրութ, 1988, «Ազգ. Մշակոյթ» շաբաթաթերթի 10 ամեակի «բացառիկ»ը, Յովհ. Աղպաշեանի «ՊայքարիՈլորապտոյտին Մէջ» յուշագրութիւնը յառաջաբանով եւ լայնծանօթագրութիւններով, Պէյրութ, 2001, հրատ. Լիբ. ԳրականՇրջանակի, «Դափնեպսակ» նուիրուած Լիբ. Գրական Շրջանակիերախտաւորներուն, Պէյրութ, 2008, Լիբ. Գրական Շրջանակի(1993-2014) քսան երկու տարիներու «Ուղեցոյց օրացոյց» խորագրով պատի մեծադիր եւ գեղատիպ տարեցոյցերուն ամբողջշարքը, եւ՝ Լիբ. Գրական Շրջանակի յոբելենական ու մեծ հանդիսութեանց առիթով հրատարակուած բոլոր գրքոյկները, վերջին քսան տարիներուն ընթացքին:Հեղինակը հրատարակութեան պատրաստ ունի նաեւ երեքաշխատասիրութիւններ, երկուքը՝ հայերէն. ա) «ԼիբանանիԲազմահամայնքային Համակարգը Եւ Լիբանանի Հայոց Անձնական Իրաւունքի Կանոնագրի Եւ Դատավարական ԿանոնիԲարեփոխութեան Առաջարկ Մը», եւ բ) «ՀասարակագիտականԲացատրական Բառարան», եւ մէկը՝ արաբերէն, «ՂարաբաղեանՀարցին Մասին»:Մասնակցած է հայկական եւ արաբական շարք մըհամագումարներու եւ սիմփոզիումներու, ինչպէս՝ Փարիզի Ա.Հայկական Համագումարներու եւ սիմփոզիումներու, ինչպէս՝Փարիզի Ա.Հայկական Համագումարը Nikkoպանդոկին մէջ, Թունուզի մէջ Պաղեստինցի Գրողներու եւ Լրագրողներու 9-րդՀամագումարը 1977-ին, Փարիզի մէջ ICOM-ի եւ Հալէպի«Ապրիլեան Սեմինարներ»ու շարքը, Էջմիածնի «ԵկեղեցիՊետութիւնՅարաբերութիւններ»նիւթովկայացածիրաւագէտներու միջազգային գիտաժողովին, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, պաշտպանելով Հայց.249Եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցիի գերադասութիւնը Հայաստանը ողողած աղանդաւորական ծածկագիտական ու կասկածելիկազմակերպութիւններունդէմ,պահանջելով՝«խղճիազատութիւն» կոչուածին in concreto մեկնաբանութիւնն ուկիրարկումը, քանի որ ճիշտ է թէ կրօնական զգացումը չունիազգային բնոյթ, բայց իր դրսեւորման մէջ՝ ստացած է տուեալ ժողովրդի մը հոգեւոր ու պատմական զարգացման իւրայատուկդրոշմը…: Մասնակցած է նաեւ՝ լիբանանեան Կոմկուսի երեք համագումարներուն որպէս պատգամաւոր եւ հիւր, Հայաստան Սփիւռք Մերձաւոր Արեւելեան խորհրդակցութեան, Պէյրութ,Մայիս 1999-ին, Սիոնական Մշակութային Արշաւին ԴիմադրողՄնայուն Համագումարի Ա.նստաշրջանին, Պէյրութ, 1-3 Նոյեմբեր1994-ին, եւ «Արաբ Ազգային Համագումար»ի Պէյրութի մէջկայացած երեք ժողովներուն: Հիմնադիր անդամներէն է՝ «Արաբ Հայ Իրաւական Միջազգային Խորհուրդ»ի:Գործօն մասնակցութիւն բերած է համալիբանանահայմշակութայինեւազգայինյանձնախումբերու,ինչպէս՝«Լիբանանեան Հեռատեսիլէն Հայկական Ժամ»ի Տնօրէն ժողովին՝Նինա Ճիտեճեանի նախագահութեամբ, «Լիբանանահայ ԹատրոնիԱ.Խորհրդաժողով»ի կազմկոմիտէին, եւ Մեծ Եղեռնի 60-ամեակի Ոգեկոչման Լիբ. Համազգային Մարմինին, ստանձնելովքարոզչականաշխատանքիգործակալութեանց մօտ:միջազգայինմամլոյ Ելոյթներ ունեցած է հայկական եւ արաբական բեմերէ եւկայաններէ՝ Պէյրութի, Դամասկոսի, Պաալպէքի, Փարիզի,Թունուզի, Հալէպի, Նիկոսիոյ, Լառնագայի եւ այլ քաղաքներու մէջ,Հայ Դատին, Հայոց Պատմութեան ու Մշակոյթին, ՊաղեստինեանԴատին ու Արաբական Քարիւղի պաշտպանութեան եւամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմի դատապարտումին գծով:Վերջին երեսնամեակին հետապնդած է ՏԱՀՔ-ի ծրագիրըհետեւողականօրէն, Տարագիր Արեւմտահայութեան փոշեցրիւբեկորները Միջազգային Կարգավիճակով օժտելու հրամայականընկատելով՝ ոչ միայն Միջազգային Հանրային Իրաւունքինանշրջանցելի պահանջը, այլեւ՝ Սփիւռքի անտիրական ու 250 աւատատիրականանգլուխութեանվերջդնելուեւհայապահպանումին նոր շունչ ու նպատակ հաղորդելունախապայմանը:Ամբողջական եւ անմնացորդ յարումով կը դաւանի պատմական ու տրամախոհական մատերիապաշտութեան իմաստասիրութիւննուժողովրդահայրենասիրականսոցիալիզմը, զանոնք նկատելով լաւագոյն վահանները՝ վայրիդրամատիրութեան համաշխարհայնացումի խորշակին դէմ, մասնաւորաբար՝ մերինին նման փոքր ժողովուրդներուն համար:Գասպար Տէրտէրեան ծանօթ էր՝ բացի մայրենիէն,արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ որոշ համեմատութեամբ ալ,արդի լատինատառ թրքերէն լեզուներուն:Մեթր Տէրտէրեան անմահացաւ 23 Օգոստոս 2021ին:

Հնեղինակներ չկան